ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ

Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ խանդավառ երեկոյթով մը հրաժեշտ տուաւ թաղի Սահակեան-Նունեան լիսէի 2017-2018 կրթական շրջանի հունձքին։ Լիսէի 49-րդ շրջանաւարտներուն ի պատիւ երէկ երեկոյեան հանդէս մը տեղի ունեցաւ դպրոցի պարտէզին մէջ։ Այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Ներկայ էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արէտ Քարապուլութ, տնօրէնուհի Մարի Սարուխանեան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մըխճը, կրթական մշակներ, թաղի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սիրուն Էօզչելիքի եւ Ալէն Քէօսէտաղի։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Մարի Սարուխանեան եւ Արէտ Քարապուլութ։ Ծնողաց միութեան անունով արտայայտուեցաւ Լինտա Կետիկ։ Շրջանաւարտներուն անունով հանդէս եկան Միրելլա Տեմիրճի եւ Թալիա Տավութան։ Անոնց միացաւ նաեւ վերջընթեր դասարանէն Լեռնա Կեչէր։

Ծափահարութիւններու մթնոլոտին մէջ շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները եւ յուշանուէրները։ Յաջողագոյն աշակերտներուն համար նախատեսուած էին նաեւ այլ պարգեւներ։ Յայտագիրը եզրափակուեցաւ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի օրհնութեան եւ շնորհաւորութեան խօսքով։

Յայտագրի գործունէութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018