ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ չորեքշաբթի մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Նիւ Եորքէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ. Չեւեան, որ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանին տեսուչն է։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Մուրատ Կիսասարկաւագ Իչլինալչայի կողմէ գլխաւորուած կամաւոր դպիրներու կողմէ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ բակին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Բացօթեայ հաւաքոյթի ընթացքին Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հոգեւոր հայրերն ու ներկայ հաւատացեալները։

Հարկ է նշել, որ այս ամսավերջին պիտի նշուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէ ելքի տօնը եւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս այժմէն սկսած են տօնակատարութեան պատրաստութիւնները։

Շաբաթ, Յունիս 8, 2019