ԱՆՇՐՋԱԴԱՐՁԵԼԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆԵՐ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ժողովը։ Համաճարակի սահմանափակումներով պայմանաւորուած երկար ընդհատումէ մը վերջ ԹՎՄ կարելիութիւն ունեցաւ նիստ մը իրականացնելու։ Համայնքային կառոյցներու ջախջախիչ մեծամասնութեան ներկայացուցիչները մասնակցեցան այս ժողովին՝ գլխաւորութեամբ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։ Սոյն նիստերը սովորաբար Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի կ՚ունենան, սակայն ներկայիս քաղաքի այդ ուղղութեան վրայ սկսած ճանապարհաշինութեան աշխատանքները երթեւեկի դժուարութիւններ կը ստեղծեն եւ այս պատճառով երէկուան ժողովը Ֆէրիգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ։

Նիստը սկսաւ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի բացման խօսքով։ Նկատի ունենալով, որ համաճարակի պատճառով այս տարի Համբարձման աւանդական տօնակատարութիւնները տեղի չունեցան, ժողովականներուն ներկայացուեցան այն գրքոյկները, որոնք կը բովանդակեն  Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան տարեկան հաշուետուութիւնը։ Ամէն տարի Համբարձման տօնի շրջանին կը հրապարակուի այդ հաշուետուութիւնը, սակայն այս տարուան սահմանափակումներուն հետեւանքով համայնքային վարիչները այդ մէկը ստացան երէկուան խորհրդակցութեան ժամանակ։

ԹՎՄ-ի ժողովի քննարկումներուն ատեն համայնքային վարիչները առաջնահերթօրէն ուշադրութիւն կեդրոնացուցին պոլսահայ վարժարաններու դիմագրաւած խնդիրներուն վրայ։ Անոնք ներկայիս խտացեալ ջանքերով կը ձգտին հասնիլ փոխըմբռնումի մը՝ մեր կրթական հաստատութիւններու ապագան երաշխաւորելու ուղղութեամբ։ Արդարեւ, համայնքը անշրջադարձելի հրամայականներու դէմ յանդիման կը գտնուի այս տեսանկիւնէն եւ բոլոր պատասխանատուները սկզբունքօրէն համամիտ են, թէ վարչական գետնի վրայ պէտք է վճռական քայլերու ձեռնարկել։

Խորհրդակցութեան տեւողութեան Պետրոս Շիրինօղլու բացատրութիւններ տուաւ նաեւ հիւանդանոցի հանդիպակաց՝ երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի տիրանալու համար տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Ըստ իրեն, դատավարութիւնները կը շարունակուին եւ դատական պայքարին ժամանակ անհրաժեշտ դարձած հսկայական ծախսերը հոգաբարձութեան կողմէ կը դիմագրաւուին։ Թէեւ գործընթացը եթէ անբաղձալի աւարտ մը ունենայ, այդ հսկայական ծախսերը պիտի չարդարանան, սակայն, հոգաբարձութիւնը կը վստահի դատական համակարգին եւ որեւէ զոհողութենէ չի խուսափիր՝ այդ տարածքի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու համար։ Շիրինօղլու յայտնեց, որ նախագահ Էրտողան տակաւին որպէս վարչապետ պաշտօնավարած շրջանին կամք ցուցաբերած էր այս հարցի բարւոք լուծման համար։ Թէեւ գործընթացի շարունակութեան իրադարձութիւնները այդքան ալ լաւատեսութիւն չներշնչեցին, սակայն Շիրինօղլու յայտնեց, որ իրենք միշտ կը վստահին Էրտողանի արտայայտած կամքին եւ պետութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան։

Ատենապետը ընդգծեց, որ հիւանդանոցի շէնքի ֆիզիքական կատարելագործումներն ալ աւարտած են եւ անոր համալիրը շուտով պիտի ընդգրկէ 200 մահճակալ։

Քննարկումներու տեւողութեան Շիրինօղլու դիտել տուաւ, որ համաճարակէ վերջ տնտեսական դժուարութիւնները պիտի սաստկանան եւ մեր համայնքը նիւթական միջոցներ ճարելու ուղղութեամբ ա՛լ աւելի պիտի դժուարանայ։ Ուստի, ան ընդգծեց, որ բոլորի պարագային յարգելի քաղաքական տեսակէտները մէկ կողմ թողլով պէտք է աշխատիլ համայնքին համար՝ զայն խնայելով բոլոր տեսակի պառակտումներէ։ Ըստ իրեն, համայնքի բոլոր տարրերը իրարու պէտք է փարած մնան առկայ ծանր փուլի պայմաններով։

Երեքշաբթի, Յունիս 8, 2021