ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐՄԱՆ ՇԻՐԻՆ
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ ներկայ շաբթուան սկիզբին իր մահկանացուն կնքած է Կեդրոնականի ընտանիքի երիցագոյն անդամներէն մին՝ Արման Շիրին, որ իր սերունդի եզակի դէմքերէն մին էր եւ մեծ յարգանք ու համակրանք կը վայելէր ընկերային կեանքէ ներս։ Իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է համայնքային շրջանակներուն մօտ։
Արման Շիրին ծաւալած էր տասնամեակներու վրայ տարածուած բազմակողմանի գործունէութիւն՝ ուսման երկար շրջանէ մը վերջ։ Նախակրթութիւնը ստացած էր Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ, ապա միջնակարգի եւ լիսէի տարիներուն յաճախած էր Կեդրոնական վարժարան, ուրկէ վկայուելէ վերջ մուտք գործած էր Իսթանպուլի թեքնիկ համալսարանը։ Բարձրագոյն ուսման յաջող շրջան մը բոլորելով՝ շրջանաւարտ եղած էր շինարարութեան բարձր ճարտարագէտի կոչմամբ։
Համալսարանի տարիները ձեւով մը նախանշած էին իր կեանքի ուղին։ Ուսանողութեան շրջանին Արման Շիրին դասընկեր եղած էր Հանրապետութեան 9-րդ նախագահ Սիւլէյման Տեմիրէլի հետ։ Արհեստավարժ կեանքի անցնելով՝ սկսած էր պաշտօնավարել Ջուրի գծով պետական գործերու ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ։ Տեմիրէլի եռանդով ու ջանքերով կառուցուած շարք մը ջրամբարներու շինարարութեան աշխատանքներուն բերած էր իր մասնակցութիւնը։ Եղած էր յիշեալ ընդհանուր տնօրէնութեան Պալըքէսիրի մասնաճիւղի ղեկավարներէն մին։ Միշտ հետամուտ եղած էր ընկերային կեանքէ ներս պատասխանատուութիւններու։ Իր նախաձեռնութեամբ այդ ընդհանուր տնօրէնութեան Պալըքէսիրի մասնաճիւղի անձնակազմին համար կառուցուած էին բնակարաններ։ Իր սերունդի սակաւաթիւ հայազգի պետական պաշտօնեաներէն մին էր Արման Շիրին, որ հանգստեան կոչուելէ վերջ ալ իր պաշարը ի սպաս դրած էր հանրային սպասարկման համար։ Այսպէս, ան հիմնած էր մասնաւոր ընկերութիւն մը, որ Իսթանպուլի քաղաքապետութեան առընթեր Ջուրի եւ կոյուղիներու վարչութեան հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն մը ունեցած էր։ Իսթանպուլի մէջ զանազան ուղղութիւններով կառուցուած էին ջրատար խողովակաշարներ։
Արման Շիրին պատրաստակամ եղած էր նաեւ մեր համայնքին ի նպաստ սպասաւորութեան ուղղութեամբ, մանաւանդ որ երախտագիտութեան խոր զգացումներով կապուած էր Կեդրոնականին, ուրկէ հասած էր երիտասարդութեան տարիներուն։ Մաս կազմած էր Ղալաթիոյ խնամակալութեան, ստանձնելով նաեւ ատենապետի պաշտօն։
Արման Շիրին ամուսնացած էր Սաթենիկ Շիրինի հետ. յարաբերութիւն մը, որ ծնունդ առած էր տակաւին Կեդրոնականի նստարաններու տարիներէն։ Արման եւ Սաթենիկ Շիրին ամոլը բախտաւորուած էր երկու զաւակով։ Վերջին տարիներուն յառաջացած տարիքին բերմամբ խանգարուած էր իր առողջութիւնը։ Դժբախտաբար, իրեն ցոյց տրուած խնամքը բաւարար չեղաւ, որպէսզի ան կարենար տակաւին երկար դիմանալ եւ բարի յիշատակ մը թողլով հրաժեշտ առաւ սիրելիներէն։
Իր կորուստով թրքահայ իրականութենէն կը սահի աստղը եզակի անհատականութեան մը, որու խորհրդանշած կերպարը մեր հաւաքական կեանքին մէջ կը համարուէր օրինակելի։
Այս տխուր առթիւ անկեղծ յարգանքով կը խոնարհինք իր յիշատակին առջեւ, խորապէս վշտակցելով իր այրիին՝ Սաթենիկ Շիրինին եւ բոլոր հարազատներուն։