ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՆ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին հիւ­րըն­կա­լեց Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեանն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան։

Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ թա­ղա­կան­նե­րը Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հետ խորհր­դակ­ցե­ցան 14 Օ­գոս­տոս Կի­րա­կի նշուե­լիք Ս. Աս­տուա­ծած­նի տա­ղաւ­րին օ­րը զու­գա­դի­պող ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան շուրջ։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան ա­նոնք յի­շե­ցու­ցին, թէ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի ի նպաստ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւնն ալ նա­խա­տե­սուած է Հոկ­տեմ­բե­րի 9-ին։ Շա­բա­թա­վեր­ջի կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն հա­մար թա­ղա­կան­նե­րը խնդրե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան օրհ­նեց Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած նուի­րեալ աշ­խա­տան­քը եւ ա­նոնց յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար յղեց յա­ջո­ղու­թեան ու կա­րո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­ր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2016