ԽՈՍՐՈՎ ՔԷՕԼԷԴԱՒԻԹՕՂԼՈՒ ԵՒ ՍԱՐԳԻՍ ՉԱՎՈՒՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրական գործընթացը կը շարունակուի բնականոն հունին մէջ։ Ներկայիս պատկան իշխանութիւններէն կ՚ակնկալուի պատրիարքական ընտրութեան համար կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը։ Նախաձեռնարկ մարմինը արդէն Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ պետութեան դիմում կատարած է՝ պահանջելով ընտրական կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը։ Այդ դիմումը յառաջիկայ շրջանին պիտի արժեւորուի Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ։

Այս պայմաններուն ներքեւ երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու հիւրընկալեց Նախաձեռնակ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուն եւ փոխ-ատենապետ Սարգիս Չավուշեանը։ Սա, անտարակոյս, շատ կարեւոր տեսակցութիւն մըն էր, որ տեղի ունեցած է նախընտրական գործընթացի մթնոլորտին մէջ։

Այս առաւօտ երէկուան հանդիպման կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի հետ, որ մեզի հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ երէկուան հանդիպման շուրջ։ Ան ընդգծեց, որ նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ տեղի ունեցած է շատ դրական, ջերմ տեսակցութիւն մը։ Ըստ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի, ընտրական կանոնադրութեան սպասման մթնոլորտին մէջ իրենք յարմար դատած են հանդիպում մը ունենալ ներքին գործոց նախարարին հետ։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ շրջանին նախարարութենէն կ՚ակնկալուի ընտրական կանոնադրութիւնը՝ Նախաձեռնարկ մարմինը նպատակայարմար դատած է ներկայ ժամանակաշրջանին ուղղակիօրէն տեսակցիլ նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ եւ փոխանցել մեր համայնքի ակնկալութիւնները, Նախաձեռնարկ մարմնի որդեգրած առաջնահերթութիւնները։ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ Սարգիս Չավուշեան նախարար Սիւլէյման Սոյլուի նկատառման յանձնած են համայնքէն ներս ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակը եւ այն սկզբունքները, որոնցմով կ՚առաջնորդուի Նախաձեռնարկ մարմինը պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին։

Այս առաւօտեան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու մեզի յայտնեց նաեւ, որ նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքները աստիճանաբար զգալի պիտի դառնան նախընտրական գործընթացի յաջորդող փուլերուն մէջ։

Երէկուան հանդիպման կապակցութեամբ այս առաւօտ կարճ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք նաեւ Սարգիս Չավուշեանին հետ։ Այս առթիւ ան մեզի յայտնեց, որ կառավարութիւնը դրական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ այս նիւթին նկատմամբ։ Սարգիս Չավուշեան երէկուան տեսակցութեան լոյսին տակ կը նախատեսէ, որ Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ առաջարկուած ժամկէտներուն մէջ հնարաւոր պիտի ըլլայ կազմակերպել պատրիարքական ընտրութիւնը։ Յառաջիկայ շրջանին այս շփումի լոյսին տակ պատկան մարմիններուն հետ պիտի յստակեցուին նաեւ մանրամասնութիւնները այն քանի մը կէտերու վերաբերեալ, որոնք ներկայիս հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ կը գտնուին իբրեւ հարցական։

Միւս կողմէ, Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեան այս առաւօտ մեզի յայտնեց, որ անցեալ երկուշաբթի տեղի ունեցած վերջին ժողովին ժամանակ օրակարգի վրայ չէ եկած ներքին գործոց նախարարին հետ նման հանդիպման մը պարագան։ Այսինքն, երէկուան հանդիպման մասին նախօրօք տեղեակ չեն եղած Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2019