ԿՂԶԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ՇԱՆԹ ԳԱԶԱՆՃԸԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Շանթ Գազանճըի աստղը վերջին շրջանին կը փայլի մարզական աշխարհէն ներս։ Այսպէս, ան ֆութպոլի մէջ վերելք կ՚արձանագրէ, ինչ որ մեծ ուրախութեամբ եւ գնահատանքով կ՚ընկալուի ամբողջ համայնքին կողմէ։ Շանթ Գազանճը Ֆէնէրպահչէ մարզակումբի մինչեւ 15 տարեկաններու ֆութպոլի կազմին մէջ է վեց տարիէ ի վեր։ Այս եղանակին իրեն վերապահուած է դարպասապահի ծանր պատասխանատուութիւնը։ Իր յաջող ընթացքը ինքնաբերաբար հաւանական կը դարձնէ անոր Թուրքիոյ ազգային հաւաքականին ալ մաս կազմելը։

Շանթ Գազանճըի այս վերելքը առիթ դարձած է, որ Կղզեաց թաղային խորհուրդը արժեւորէ իր փայլուն հորիզոնները եւ կրթաթոշակով մը խրախուսէ զինք։ Այդ կրթաթոշակը երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յանձնուեցաւ Շանթ Գազանճըին՝ ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ ներկայութեամբ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ շնորհաւորեց երիտասարդ մարզիկը, ապագայ յաջողութիւններ մաղթեց եւ անոր տուաւ իր օրհնութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ Շանթ Գազանճը իրաւունք կ՚ունենայ հաւաքականի մարզաշապիկն ալ կրելու։

Հարկ է նշել, որ Շանթ Գազանճը որդին է Շահնուր-Սելին Գազանճը ամոլին եւ թոռը՝ մեր ազգայիններէն Արշակ Փոլատի։

Այս ուրախ առթիւ մենք եւս կը շնորհաւորենք Շանթ Գազանճըն՝ իրեն մաղթելով ապագայ յաջողութիւններ, նաեւ խնդակցելով ամբողջ ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2022