ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹԸ
Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Աստուածածնայ ուխտի շաբթուան ծիրէն ներս, երէկ տեղի ունեցաւ Հայ երաժշտութեան երեկոյ, Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճուի եւ Գերմանիայէն հիւրաբար քաղաքս եկած Առէն Էմիրզէի մասնակցութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու վարիչներ, ինչպէս նաեւ յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեան։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզը բոլորովին լեցուած էր հանդիսատեսներով, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ հետեւեցան երեկոյթին։
Ձեռնարկը սկսաւ Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճուի երգեցողութեամբ եւ Առէն Էմիրզէի կիթառի նուագակցութեամբ կատարուած «Սարերի հովին մեռնեմ» երգով։ Յաջորդաբար, Չաղլըչուպուքճու ողջունեց ներկաները եւ ծանօթացուց հիւր երաժիշտը՝ շեշտելով անոր պոլսահայ արմատները։ Էմիրզէ առաջին անգամ Իսթանպուլի մէջ հանդէս եկած էր նման երաժշտական հանդիսութեամբ մը։ Ան խոստովանեցաւ, որ ակնկալածէն շատ աւելի կենսունակ էր հանդիսատեսը։ Չաղլըչուպուքճուն նաեւ յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին եւ Սեւան Աթաօղլուին, որոնց գործակցութեամբ կազմակերպուած էր սոյն երաժշտական երեկոն։
Երեկոյթի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յուշանուէրներ յանձնեց երգիչներուն՝ իրենց մաղթելով ամենայն բարիք։ Այս առթիւ ան պատգամներ փոխանցեց ներկաներուն եւ յայտնեց, թէ անկեղծ մթնոլորտի մէջ իրականացած այս հանդիսութիւնը ոգեւորեց բոլոր մասնակիցները։ Սա առիթ մը եղաւ, որ հայ երաժշտութիւնը հնչէ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ։
Հիւր երաժիշտը անծանօթ անուն մըն էր շատերուն համար, սակայն իր կատարողութիւնը յայտնի կը դարձնէր, թէ ան արդէն վարպետացած էր երաժշտական մարզէ ներս։ Գնահատելի էր պոլսահայ սիրուած երգչուհի Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճուի հետ իր ներկայացումը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց նաեւ հայր սուրբն ու Սեւան Աթաօղլուն։