ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԱՆԺԷԼ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Անժէլ Արսլանեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Ազգային երախտաշատ բարերար եւ բազմամեայ համայնքային գործիչ Հայկ Արսլանեանի կողակիցն էր Անժէլ Արսլանեան, որու կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուց թրքահայ կեանքէն ներս։ Անժէլ Արսլանեան յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած դէմք մըն էր՝ որպէս ուրոյն անձնաւորութիւն, որու մարմնաւորած կերպարը չէր սահմանափակուեր միայն բարերարի մը կողակիցը ըլլալու պարագայով, այլեւ եզակի անհատականութիւն մըն էր բառին բուն իմաստով։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական վերջին աւելի քան կէսդարեայ ապրումներուն մէջ ան հաճելի ներկայութիւն եղած էր։

Այս բոլորէն վերջ Անժէլ Արսլանեանի երէկուան յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ իր վայելած յարգանքին ու համակրանքին, նաեւ մարմնաւորած կերպարին համահունչ ձեւով։ Լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը՝ մահաբեմին վրայ զետեղուած դագաղին շուրջ համախմբուած հոծ թիւով յուղարկաւորները իրենց վերջին յարգանքը մատուցին Անժէլ Արսլաեանի նկատմամբ՝ խոնարհելով անոր ազնիւ ու բարի յիշատակին առջեւ։ Իր ընտանիքին հետ միասին, յուղարկաւորութեան բոլոր մասնակիցները Անժէլ Արսլանեանին հրաժեշտ տուին աղօթքով, տամուկ աչքերով ու մեծ յուզումով։

Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն հոծ թիւով ներկայացուցիչներ։ Նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը, որու ընթացքին վեր առաւ նորոգ հանգուցեալ Անժէլ Արսլանեանի ապրած կեանքը՝ որպէս առաքինի հայ կին, գորովագութ մայր եւ հաւաքական կեանքի սիրուած կերպար։

Յուղարկաւորութեան մասնակիցներու շարքին էին Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանէն Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Համայնքային բազմաթիւ կառոյցներէ ներկայացուցիչներ եւ ծանօթ ազգայիններ եւս փութացած էին Անժէլ Արսլանեանին հրաժեշտ տալու եւ սուգի ծանր պահուն իր ընտանիքին վշտակցելու։

Յուղարկաւորութենէն վերջ հոգելոյս Անժէլ Արսլանեանի մարմինը փոխադրուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2022