ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՄԷՋ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը Սեպ­տեմ­բեր 2014-էն ի վեր, Սկով­տիոյ, Փոր­թու­գա­լի, Նոր­վե­կիոյ, Ֆրան­սա­յի, Ի­տա­լիոյ եւ Լիթ­վա­նիոյ գոր­ծակ­ցու­թեամբ, կը մաս­նակ­ցի «R€» խո­րագ­րեալ նա­խա­գի­ծի մը աշ­խա­տանք­նե­րուն, ո­րոնք կը հո­վա­նա­ւո­րո­ւին Եւ­րո­պա­կան միու­թեան կրթու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ծրագ­րե­րու կեդ­րո­նի վար­չու­թեան կող­մէ՝ «Է­րաս­մուս+» ծրագ­րի (Ցկեանս ու­սու­ցում կամ Ե­րի­տա­սար­դաց ծրա­գիր) ծի­րէն ներս։

Նա­խագ­ծին ա­ռանցքն է «Վե­րամ­շա­կու­մ­»ը․ ա­շա­կերտ­նե­րը զա­նա­զան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով, աշ­խա­տա­նոց­նե­րու մաս­նակ­ցե­լով, ի­րենց տա­րե­կից­նե­րուն հետ մտքե­րու փո­խա­նա­կում ի­րա­կա­նաց­նե­լով եւ վեր­ջա­պէս ի­րենց պատ­րաս­տած ի­րե­րը ներ­կա­յաց­նե­լով լայն գի­տե­լի­քի կը տի­րա­նան այս ո­լոր­տին մա­սին։

Նա­խագ­ծի հա­մա­կար­գու­մը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով, Սեպ­տեմ­բեր 25-Հոկ­տեմ­բեր 1 թո­ւա­կան­նե­րուն Նոր­վե­կիոյ մէջ կա­յա­ցաւ ժո­ղով մը, ո­րուն յա­նուն Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի մաս­նակ­ցե­ցան տնօ­րէ­նու­հի Ե­ւա Օ­րա­գեան, ու­ղե­ցոյց ու­սուց­չու­հի Ա­լի­տա Տա­նի­քեան, կեն­սա­բա­նու­թեան ու­սուց­չու­հի Ա­ղաւ­նի Թե­քին։ Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին նա­խա­պատ­րաս­տո­ւե­ցան ձեռ­նարկ­նե­րը Ֆրաս­նա­յի Պոր­տօ քա­ղա­քին մէջ Նո­յեմ­բեր 2015-ին կա­յա­նա­լիք աշ­խա­տանք­նե­րուն, ո­րոնց եօթ տար­բեր եր­կիր­նե­րէ պի­տի մաս­նակ­ցին շուրջ ինն­սուն դպրո­ցա­կան­ներ։

Վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցիչ­նե­րը շա­բաթ մը մնա­ցին Նոր­վե­կիա, ուր հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան նաեւ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լու երկ­րի կրթա­կան հա­մա­կա­գին վե­րա­բե­րեա­լ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015