ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՍԻՊԻԼ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳԻ ՄԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ՝ ՈՐՊԷՍ ՀԻՒՐ

Յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ե­զա­կի հա­մերգ մը, ո­րու ծրագ­րին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի բե­րէ նաեւ պոլ­սա­հայ հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի Սի­պիլ։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ այս նա­խագ­ծին մաս­նա­կից ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­գա­հան-ե­րա­ժիշտ ու եր­գիչ Տա­նիէլ Տե­քէր, որ ինք­զին­քը կո­չու­մով հայ կը հա­մա­րէ, այս հա­մեր­գին շրջագ­ծով ա­ռա­ջին ան­գամ հան­դէս պի­տի գայ ամ­բող­ջո­վին հա­յե­րէն եր­գա­ցան­կով մը։ Լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ան ե­րէկ յայտ­նեց, թէ ար­դէն 16-րդ ան­գամ կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան ու կը յու­սայ, թէ տա­կա­ւին բա­զում ան­գամ­ներ կ՚ու­նե­նայ այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։ «Ես շատ եր­կար սպա­սած եմ այս հա­մեր­գին ու պատ­րաս­տուած ա­նոր հա­մար։ Շատ յու­զուած եմ, յատ­կա­պէս, որ ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի ներ­կա­յաց­նեմ հա­մերգ մը բա­ցա­ռա­պէս հա­յե­րէն։ Կ՚ու­զեմ նշել, որ իմ լաւ ըն­կեր Ա­րա Գէոր­գեան շատ մեծ ա­ւանդ մը ու­նի այս հա­մեր­գի կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­ռա­ջին ան­գամ ես լսե­ցի իր «Մուշ» եր­գը։ Մենք ու­նինք հա­մա­տեղ երգ մը՝ «Ա­տա­նա»», ը­սաւ յայտ­նի եր­գի­չը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէ­տը տե­ղե­կա­ցուց, որ հա­մեր­գի ըն­թաց­քին պի­տի հնչէ նաեւ ա­նոնց հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ ծնած եր­րորդ եր­գը, որ կը կո­չուի «Ա­րաքս»։ Տե­քէր ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին զու­գերգ մըն ալ պի­տի կա­տա­րէ Սի­պի­լի հետ։

Տա­նիէլ Տե­քէ­րի խօս­քե­րով, այս հա­մեր­գը հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար նուէր մըն է իր կող­մէ։ «Կ՚ու­զեմ ը­սել, որ միշտ հա­յե­րու հետ եմ, միշտ կ՚ա­ջակ­ցիմ ձե­զի եւ հպարտ եմ, որ հայ եմ», եզ­րա­փա­կեց Տե­քէր։ Այս վեր­ջի­նը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցիու­թեան ըն­դու­նուե­լէ վերջ իր մա­կա­նու­նը վե­րա­ծած է Տե­քէ­րեա­նի։

Տա­նիէլ Տե­քէր Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին նուա­գա­րան­նե­րու պե­տա­կան նուա­գա­խում­բին հետ յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի հան­դէս պի­տի գայ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի հա­մա­լի­րէն ներս։ Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին որ­պէս հիւր ե­լոյթ­ներ պի­տի ու­նե­նան Սի­պիլ, Ա­րա Գէոր­գեան, «The Beautified Project» ռաք խում­բի հիմ­նա­դիր Անտ­րէ Սի­մո­նեան եւ այլք։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016