ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ եռուզեռ ապրուեցաւ՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Համայնքային շրջանակները այս առթիւ իրենց զօրակցութեան առարկայ դարձուցին Պէզճեան Մայր վարժարանը։

Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուեցաւ Մայր եկեղեցին, ուր պատարագեց հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Եղիա Ա. Քհնյ. Քերվանճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Սարվէն Սրկ. Պըչաքճը եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։ Օրուան պատգամը տուաւ հանդիսադիր սրբազան հայրը, որ բացատրեց, թէ հայ ժողովուրդը յարատեւած է շնորհիւ իր հասցուցած հանճարներուն։ Ս. Սահակէն եւ Ս. Մեսրոպէն սկսեալ, մինչեւ մեծն Կոմիտաս Վարդապետը, Ուիլիըմ Սարոյեանն ու Շարլ Ազնաւուրը մեր ժողովուրդը միշտ ծնունդ տուաւ մեծութիւններու։ Նորին սրբազնութիւնը բացատրեց, որ բարոյական արժէքներէ հեռանալու պարագային հաւաքականութիւն մը դատապարտուած է անհետանալու։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատնանշեց, որ ներկայիս համայնքային վարժարաններու աշակերտութեան թիւը կը նուազի, մեր համայնքէն ներս հայախօսներու թիւն ալ կը նուազի։ Մեր ժողովուրդն ու Պատրիարքական Աթոռը ձեռք ձեռքի տալով պէտք է պայքարին այս բոլորին դէմ։ Այլապէս մեր կացութիւնը պիտի վատթարանայ։

Նորին սրբազնութիւնը քարոզին մէջ յիշեցուց, որ մեր վարժարաններէն մէկուն մէջ ծնող մը դիմում ներկայացուցած է տնօրէնութեան՝ որպէսզի հայերէնն ու կրօնը չըլլան պարտադիր առարկաներ, որովհետեւ համալսարանի մտից քննութիւններուն գործի չեն ծառայեր։ Միջանկեալ նշենք, որ այս հարցը ապրուած է Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ։ Այս հիման վրայ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւով շեշտեց, որ մարդիկ իրենց ինքնութիւնը, էութիւնը կը մոռնան։ «Պէտք է տէր կանգնինք մեր արժէքներուն ու պէտք է մեր զաւակները լաւ պատրաստենք ապագայի համար», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ յիշեցուց, որ մեր հաստատութիւնները կը պատկանին համայնքի բոլոր զաւակներուն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Տ. Եղիա Ա. Քհնյ. Քերվանճեան։ Մասնակիցներու շարքին էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Գումգաբուի ընտանիքէն բազմաթիւ դէմքեր եւ հիւրեր։ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին՝ տիկնանց կազմին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ։

Բացման աղօթքէն առաջ յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ նորոգ հանգուցեալ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի եւ վերջին օրերուն ահաբեկիչներու կողմէ նահատակուած ութ զինուորներուն համար։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Լեռնա Եաղեազանի։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մուրատ Շիրին եւ Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ փոքրիկներու կողմէ ներկայացուած պարերը արժանացան ծափահարութիւններու։ Արտասանեցին՝ Յակոբ Աճէմեան, Տիանա Եըլտըրըմ եւ Տարբին Պօղոս։ Աշակերտները հանդէս եկան նաեւ խմբերգներով՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Մուրատ Իչլինալչայի հսկողութեան ներքեւ։

Հուսկ բանքին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատնանշեց, որ Մայր վարժարանի տարեկան պիւտճէն երէկ հանգանակութեան արդիւնքով կարելի եղած է մասամբ հաւասարակշռել։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ եթէ մեր քանի մը հաստատութիւններուն կողմէ փոխանցուած միջոցները չըլլան, ապա դպրոցի պիւտճէի շատ աւելի մեծ մասը բաց պիտի մնար։ «Մեր դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, աղքատախնամներուն եւ մնացեալ բոլոր հաստատութիւններուն հոգը միայն մեր բարերարներուն կամ քանի մը հաստատութիւններուն չի պատկանիր։ Անոնց գոյատեւումը այս համայնքի վզին վրայ պարտականութիւն մըն է», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ շեշտեց, որ դժբախտաբար համայնքին մեծամասնութիւնը անտարբեր կը մնայ հաստատութիւններուն նկատմամբ։ Ան շարունակեց. «Մենք վարժուած ենք միայն ուզելու, պահանջելու մեր ազգային հաստատութիւններու պարագային։ Սակայն ո՞վ պիտի կրէ անոնց առկայ բեռը։ Եթէ կ՚ուզենք հայ ապրիլ այս երկրին մէջ, ապա պէտք է անպայման պահենք այս հաստատութիւնները»։

Հուսկ բանքին մէջ ալ նորին սրբազնութիւնը անդրադարձաւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն ներս օրակարգի վրայ եկած պահանջին՝ հայերէնն ու կրօնը ընտրովի առարկաներ դարձնելու մասին։ «Քիչ մը ազգային գիտակցութիւն ունեցէք», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ դպրոցներու առկայ պիւտճէի բացերուն շուրջ եւ ըսաւ, թէ այս պարագային մատակարար մարմինները, թաղային խորհուրդները մեղաւոր չեն։ «Սա բոլորին մեղքն է։ Մենք չենք կրնար մեր այսօր ունեցածին տէր կանգնիլ, եթէ այս համայնքի իւրաքանչիւր անդամ մեր հաստատութիւններուն չնպաստէ իր կարողութեան, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ։ Այս հաստատութիւնները տակաւին ձեր օգնութեան կարիք ունին։ Մեր բոլոր թաղային խորհուրդները մտահոգ են առկայ ընթացքէն։ Ան, որ ինքզինքը համայնքի անդամ կը զգայ, պէտք է հաստատութիւններուն աջակցութիւն բերէ՝ անդամավճար մը կատարելու ոգիով», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։

Միւս կողմէ, երէկուան սիրոյ սեղանին ընթացքին ապրուեցաւ հաճելի անակնկալ մը։ Փոքրիկն Լինա Էօզճան ծնողներուն կողմէ առաջնորդուեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի մօտ, որ անոր փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Լինա Էօզճան քանի մը տարի առաջ մկրտուած էր Պաքըրգիւղի  Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ այդ արարողութեան ժամանակ Սրբալոյս Միւռոնի կաթիլներէն մին հոսած էր խաչաձեւ, ինչ որ ընկալուած էր որպէս հրաշք։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ ներկայ հոգեւոր հայրերը Լինա Էօզճեանի նկատմամբ ցուցաբերեցին հայրական գուրգուրանք եւ սէր։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018