ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Գալֆաեան Տան խնամակալութենէն Տանիէլ Անթիքաճեանն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ սոյն հանդիպումը, որու ընթացքին Անթիքաճեան եւ Շէշէթեան Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին յառաջիկայ ընտրութեան կապակցութեամբ։ Ըստ անոնց, խնամակալութիւնը դիմում ներկայացուցած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան՝ հարց տալով, թէ իրենց ընտրութիւնը ո՞ր շրջանին մէջ պիտի կատարուի։ Ի պատասխան պաշտօնապէս հաղորդուած է, թէ ընտրութիւնը պիտի կատարուի երկրորդ շրջանի քուէարկողներով։ Մինչ այդ, խնամակալները յայտնեցին, թէ խնամակալութեան ներկայ կազմէն ոչ ոք կը փափաքի թեկնածու ներկայանալ։ Անոնք այս պայմաններուն տակ կոչ ուղղեցին երկրորդ շրջանի մէջ բնակող ազգայիններուն, որպէսզի նուիրեալներ ներկայանան այս դարաւոր հաստատութեան ղեկը ստանձնելու պատրաստակամութեամբ։
Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատելով ներկայ խնամակալութեան ջանքերը, յոյս յայտնեց, որ երկրորդ շրջանը բնակիչներու բազմամարդ թիւով, կարելիութիւն պիտի ընձեռէ խնամակալութեան անդամակցութեան թեկնածուներու յայտնութեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց փոխանցուած տեղեկութեանց համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց համայնքանուէր ծառայութեանց մէջ։