ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուի եւ անդամներէն Աւետիս Եըլմազի։ Թաղականներուն հետ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան։ Եկեղեցւոյ վարիչները այս այցելութեամբ խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել եղած հրաւէրին եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց թաղային խորհուրդի եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2022