ՋԵՐՄ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռի տնօ­րէն Փրոֆ. Ա­շոտ Մել­քո­նեան, որ վեր­ջին օ­րե­րուն կը գտնուէր մեր մէջ, ե­րէկ վե­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւան։ Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի «Պոլ­սա­հա­յե­րը (1923-1939)» գիր­քի շնոր­հան­դէ­սին առ­թիւ Իս­թան­պուլ հրա­ւի­րուած էր Ա­շոտ Մել­քո­նեան, որ իր կե­ցու­թեան կարճ շրջա­նին խտա­ցեալ ձե­ւով շփուե­ցաւ մեր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն հետ։

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, իր կե­ցու­թեան վեր­ջին օ­րը՝ ե­րէկ ա­ռա­ւօտ ան այ­ցե­լեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նը։ Ա­շոտ-Լու­սի­նէ Մել­քո­նեան ա­մո­լը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ դպրո­ցէն ներս։ Մել­քո­նեան­նե­րը շրջե­ցան դա­սա­րան­նե­րը, յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղե­ցին սա­նե­րուն, ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ա­նոնք զրու­ցե­ցին տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեա­նի, փոխ-տնօ­րէ­ն Դա­ւիթ Խա­չատ­րեա­նի, ինչ­պէս նաեւ Յա­րու­թիւն եւ Դա­լար Հո­րո­զօղ­լու ա­մո­լին հետ, որ կը գլխա­ւո­րէ այս դպրո­ցի կա­մա­ւո­րաց հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը։

Ա­շոտ Մել­քո­նեան կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն այ­ցե­լեց նաեւ Գում­գա­բու։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ յայտ­նի պատ­մա­բա­նը, որ մաս­նա­ւո­րա­պէս հե­տաքրք­րուե­ցաւ ար­խիւ­նե­րու կա­ցու­թիւ­նով։ Պատ­րիար­քա­րա­նէն հրա­ժեշտ առ­նե­լէ վերջ Մել­քո­նեան ա­մո­լը ուխ­տի ա­ղօթք մը կա­տա­րեց Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Ա­շոտ եւ Լու­սի­նէ Մել­քո­նեան­նե­րը ուշ ե­րե­կո­յեան Իս­թան­պուլ-Ե­րե­ւան ու­ղիղ թռիչ­քով վե­րա­դար­ձան Հա­յաս­տան։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016