ԹՐՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱԳՆԱՊԸ ԹՎՄ-Ի ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր կը քննարկէ համայնքային մամուլին առկայ հարցերը։ ԹՎՄ միջոց մը առաջ ստեղծած է մասնաւոր յանձնախումբ մը՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս լրատուամիջոցներու կողմէ իրերայաջորդ հնչեցուած ահազանգներու լոյսին տակ։ Շուրջ երկու ամիսէ ի վեր համայնքային շրջանակներէն ներս անպաշտօն խօսակցութիւններ կային, թէ այս յանձնախումբը կը ծրագրէր մէկտեղուիլ համայնքային մամուլի պատասխանատուներուն հետ։ Ուրեմն այսօր, յետմիջօրէի ժամերուն, Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի կ՚ունենայ նախատեսուած սոյն հանդիպումը։

Համայնքային վերջին ընտրութիւններով գործի գլուխ եկած վարիչները ԹՎՄ-ի ժողովները արդէն փակած են մամուլին։ Անոնք կը նախընտրեն իրենց աշխատանքը դռնփակ կատարել, ուստի, այսօրուան ժողովին ընդառաջ յստակօրէն յայտնի չէ օրակարգը, նաեւ՝ մամուլի հարցերուն հետամուտ յանձնախումբին կազմը։

Անցեալ սեպտեմբերին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ հերթական անգամ Գումգաբու հրաւիրած էր մամուլի ներկայացուցիչները, որոնցմէ առկայ խնդիրներուն շուրջ տեղեկութիւններ ստանալէ վերջ մատնանշած էր, որ հաւանական լուծման հարթակը պիտի ըլլայ ԹՎՄ-ի նորաստեղծ յանձնախումբը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023