ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ՄԸ

Սկիւտարի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային ընթերցման խրախճանք մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամանորի նախատօնակի ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Համայնքային վարժարաններէն ներկայացուցիչ աշակերտներ այս խրախճանքին մասնակցութիւն բերին՝ իրենց ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ։ 

Ձեռնարկի գլխաւոր կազմակերպիչն էր վաստակաւոր ուսուցչուհի Եւգինէ Ինճիտիւզէն, որու հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ օրուան յայտագիրը։ Հիւրընկալ սանուց միութեան վարչութեան անունով խրախճանքի մասնակիցները ողջունեց Թանիա Պասմաճեան։

Խրախճանքի տեւողութեան համայնքային վարժարաններու ներկայացուցիչ սաները հանդէս եկան յաջող արտասանութիւններով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2017