ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԵՑ ՄԵՐ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐԸ

Պատրիարքական Աթոռը երէկ Գումգաբուի մէջ մեծարեց մեր համայնքէն կրթական մշակներ։ Այսպէս, «Պէզճեան» սրահին մէջ համախմբուեցան համայնքային վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեր կրթական կեանքի նուիրեալներուն հետ համախմբուեցաւ ընդունելութեան սեղաններու շուրջ։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած ընդունելութեան սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ անմիջական զրոյցի մթնոլորտ։

Յանուն ներկաներուն արտայայտուեցաւ Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեան, որ շեշտեց, թէ նման հրաւէր մը առաջին անգամ կ՚ուղղուէր Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։ Ուստի, շնորհակալութիւն յայտնելու առընթեր ան մաղթեց, որ ապագային Ուսուցչաց հիմնարկի եւ Պատրիարքարանի միջեւ հաստատուելիք գործադրութեամբ կազմակերպուին նման հանդիպումներ։ Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց կրթական մշակներու Գումգաբուի մէջ ներկայութեան բերումով ու կանգ առաւ մարդ պատրաստելու կարեւորութեան վրայ։ Նորին սրբազնութիւնը նշեց, որ մեր նախնիները յոյսով լեցուած էին եւ այդ յոյսով նաեւ ապագայի համար մարդ պատրաստեցին։ Մենք այսօր ներկայ ենք՝ իբրեւ անոնց տեսլականի իրականացումը։ «Այս մէկը պէտք է ներշնչէ մեզ ու մենք եւս պէտք է յոյսով լեցուինք եւ անվհատօրէն կերտենք ապագան», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ խօսքին մէջ անդրադարձաւ մեր վարժարաններու ներկայացուցած մեծ արժէքին։ Ան ընդգծեց, որ համայնքային վարժարաններու գոյութեան նպատակն է ջամբել տոհմիկ արժէքներ եւ այդ առումով կարեւորեց լեզուի եւ կրօնագիտութեան ուսուցիչներու ներկայութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնը կոչ ուղղեց մեր վարժարաններու բոլոր կրթական մշակներուն, որպէսզի յառաջիկայ տարի մասնակից ըլլան սոյն մէկտեղման ու բաժնեն միասնականութեամբ ստեղծուած ոգեւորութիւնը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018