ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցան Ս. Ծննդեան առթիւ շնորհաւորական այցելութիւններ։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ընդունեց քաղաքիս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Գումգաբու այցելողներու շարքին էին Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսաք Հալեւա, Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Իսթանպուլի երեսփոխան Սեզկին Թանրըքուլու, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ այլք։

Այս բոլորէն վերջ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ համայնքային զանազան հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ Ս. Ծննդեան աւանդական ընդունելութիւնը։

Հանդիպումներու ընթացքին տեղապահ սրբազան հօր կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն անդամներ։

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2018