ՏԻԳՐԱՆ ԷՕԶՊԻՒԼՊԻՒԼ՝ ՃԱՏՐԱԿԻ ՆՈՐԱՀԱՍ ԱՍՏՂԸ

Մեր համայնքէն ներս հասակ կ՚առնէ ճատրակի խոստմնալից աստղ մը, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի դառնայ ութ տարեկան։ Ան Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի երկրորդ դասարանի աշակերտներէն Տիգրան Էօզպիւլպիւլն է։ Անցեալ տարի Տիգրան Էօզպիւլպիւլի տեսակէտէ փայլուն յաջողութիւններու շրջան մըն էր։ Իր տարիքի դասաւորման մէջ ան մասնակցեցաւ զանազան մրցաշարքերու, որոնց արդիւնքով նուաճեց չորս ախոյենութիւն, երկու անգամ եղաւ երկրորդ, անգամ մըն ալ՝ երրորդ։ Ընդհանուր առմամբ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ 70 տոկոս համեմատութեամբ յաջողութիւն արձանագրեց իր մասնակցած մրցաշարքերու արդիւնքով։ Ի լրումն այս բոլորին, ան հանդիսացաւ Իսթանպուլի ախոյեան՝ ութ տարեկաններու դասաւորման մէջ։

Տիգրան Էօզպիւլպիւլ կը վայելէ Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան նախագահ Առնօ Կարապետեանի մասնաւոր հոգածութիւնը։ Ան ներկայիս Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան կողմէ հասցուած ամենաերիտասարդ մարզիկն ու ամենաերիտասարդ ախոյեանն է։ Առնօ Կարապետեան մեծ եռանդ կը ներդնէ, որպէսզի Տիգրան Էօզպիւլպիւլ կատարեալ ձեւով մարզուի եւ բազմակողմանիօրէն ընտելանայ ճատրակի մէջ։ Արդէն կանուխ տարիքէ սկսեալ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ հասած է անանտեսելի մակարդակի մը եւ ամէն օր երկու ժամուան պարապումներով կը ներթափանցէ ճատրակի նրբութիւններուն։ Առնօ Կարապետեանի առընթեր ան կը խրախուսուի նաեւ ծնողքին՝ Շանթ եւ Ալին Էօզպիւլպիւլ ամոլին կողմէ։

Բոլոր անոնք, որոնք կը հետեւին Տիգրան Էօզպիւլպիւլի արձանագրած յաջողութիւններուն, լիայոյս են՝ թէ 2019 թուականը եւս նուաճումներու շրջան մը պիտի ըլլայ անոր համար եւ ապագային ան պիտի դառնայ ճատրակի մեծ աստղ մը։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 9, 2019