ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Պատրիարքական Աթոռի շուրջ ստեղծուած առկայ բարդ կացութեան պայմաններուն ներքեւ այս առաւօտ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի անդամներուն հաւաքը։ Պաշտօնական նիստէ մը աւելի, անպաշտօն հաւաքոյթի մը ձեւաչափին մէջ, նախաճաշի սեղանի շուրջ կազմակերպուած հանդիպում մըն էր այս մէկը։ Կրօնական ժողովի անդամներուն առընթեր ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան հասած պաշտօնագրով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, հոգեւորականաց դասու ներկայացուցիչները առաջին անգամ կարելիութիւն ունեցան արժեւորելու ստեղծուած իրադրութիւնը։ Այս խոր-հըրդակցութեան արդիւնքին կը սպասուի ուշադրութեամբ։
Միւս կողմէ, այսօր Պատրիարքարանի մէջ յետմիջօրէին տեղի պիտի ունենար համայնքային հաստատութիւններու ատենապետներուն մասնակցութեամբ խորհըր-դակցութիւն մը։ Այդ հաւաքը ջնջուած է տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տնօրինութեամբ։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024