ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած վարչական ծանր կացութիւնը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել համայնքին օրակարգը։ Զանազան հարթութիւններու վրայ որոնումներ տեղի կ՚ունենան առկայ կացութեան այլեւս յաղթահարման համար։ Արդարեւ, Պատրիարքարանի գործունէութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր դուրս եկած է բնականոն հունէն եւ այդ հանգամանքի ծանր հետեւանքները դարմանելու համար ներկայիս պատասխանատուութիւն կը վիճակի բոլորին։
Սոյն որոնումներու մթնոլորտին մէջ, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, երէկ յետմիջօրէին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան տեսակցեցան՝ մասնակցութեամբ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։ Մեր համայնքի այժմու ծանր իրադրութեան տեսանկիւնէն կենսական նշանակութիւն կը ներկայացնէ այս երկու սրբազաններուն երկխօսութիւնը։ Անոնք երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ զրուցեցին շուրջ մէկուկէս ժամ եւ աւելի վերջ հրաժեշտ առին նոյն ինքնաշարժով։
Այս ժամադրութեան առընչութեամբ շօշափեցինք Պետրոս Շիրինօղլուի կարծիքը։ Ան յայտնեց, որ այս փուլին նպատակայարմար չի նկատեր երկու բարձրաստիճան եկեղեցականներու խօսակցութեան բովանդակութեան շուրջ մանրամասնութիւններ հաղորդելէ։ Ըստ Շիրինօղլուի, ակնյայտ է, որ ներկայ ճգնաժամի յաղթահարումը կախում ունի Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի համագործակցութենէն եւ անոնց միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու վերականգնումէն։ «Ես երկար ժամանակէ ի վեր անմիջական կապի մէջ եմ այս երկու սրբազաններուն հետ։ Գիտեմ՝ որ անոնք երկուքն ալ կ՚աշխատին Պատրիարքական Աթոռի եւ մեր համայնքի ի նպաստ դրական արդիւնքներու հասնելու համար։ Չեմ կասկածիր, թէ անոնք կը գիտակցին իրենց վիճակած պատմական պատասխանատուութեան լրջութեան։ Լիայոյս եմ, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան պիտի կարենան ի վերջոյ լեզու գտնել եւ ապահովել լուծում մը, որով հասարակաց յայտարարի մը վրայ պիտի բերուի բոլոր գործօնները», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու։
Միւս կողմէ, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանն ալ երէկ խորհրդակցութիւն ունեցած է դպրեվանքցի իր շարք մը բարեկամներուն հետ։ Ան Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի եւ մեր համայնքային գործիչներու հանդիպման մանրամասնութիւններուն շուրջ տեղեկութիւններ քաղած է՝ այդ խորհրդակցութեան մասնակիցներէն Վազգէն Պարընի կողմէ։ Համայնքային շրջանակներէն ներս արձագանգ գտած անպաշտօն լսումներով, Վազգէն Պարըն անկեղծ ու բաց ձեւով ներկայացուցած է նախարարին կողմէ փոխանցուած մօտեցումները, ու մանաւանդ Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ Գումգաբու հասած նամակին նշանակութիւնը։
Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երկար ժամանակէ ի վեր կը յայտնէր, որ անպայման գրաւոր փաստաթուղթ մը կ՚ակնկալէր պատկան իշխանութիւններէն։ Հիմա, որ այդ փաստաթուղթը արդէն հասած է Պատրիարքարան եւ բովանդակութիւնը որեւէ վէճի տեղ չի թողուր, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան սկսած է յաւելեալ խորհրդակցութիւններ ունենալ՝ այդ փաստաթուղթի անշրջադարձելի հետեւանքներուն շուրջ, մանաւանդ՝ որ այդ հետեւանքները անխուսափելի ստիպողութիւններու դէմ յանդիման կը թողուն զինքը։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024