ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԿՈՂՄԷ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ իր ընկերակիցները Ֆէնէրի մէջ նախ այցելեցին Ս. Գէորգ պատրիարքանիստ տաճարը, ուր կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։

Աւելի վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները այս տարի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին իրենց աւանդական հանդիպումը չէին կրցած ունենալ, որովհետեւ երկուքի պարագային ալ յառաջացած էին առողջական պատճառներ՝ քորոնաժահրով վարակուած ըլլալով։ Երէկուան ջերմ ու եղբայրական զրոյցի ընթացքին անոնք ամփոփ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ համաքրիստոնէական ընտանիքի օրակարգային հարցերուն շուրջ։

Ի յիշատակ այս այցելութեան, Յունաց Պատրիարքը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նուիրեց գեղեցիկ ասա մը։ Ան ուրախութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան այցելութեան կապակցութեամբ եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ մեր համայնքին։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ փոխադարձեց Նորին Սրբութեան բարեմաղթութիւններուն։

Երկու հոգեւոր առաջնորդները իրարմէ հրաժեշտ առին ողջագուրուելով եղբայրաբար։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 9, 2022