ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԹԻՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔՆԵՐ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցան իրերայաջորդ երկու խրախճանքներ, որոնք բացառիկ ոգեւորութեան առիթ դարձան։ Այս խրախճանքները թէ՛ աշակերտներուն մօտ բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին եւ թէ Մեծ պահոց ընդառաջ առիթ դարձան, որպէսզի անոնք թարմացնեն իրենց գիտելիքները։ Մանկապարտէզի փոքրիկներուն եւ նախակրթարանի ու միջնակարգի սաներուն համար նախատեսուած յայտագիրներուն մէջ այս տարի իրենց ներդրումը ունեցած էին նաեւ յայտնի արուեստագէտներ Լեւոն Թապերեան, Մարալ Այվազ, Սէրլի Քեչօղլու եւ Միրէյ Տեմիրճի։ Նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեանն ալ այս երկու խրախճանքներուն ընթացքին հանդէս եկան շնորհաւորութեան խօսքերով։

Դպրոցի ծնողաց միութիւնն ալ Բարեկենդանի առթիւ սարքեց ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին տօնական զուարթ մթնոլորտէն բաժին ստացան բոլորը։

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2024