Կիրակի 26, Յունուար 2025
ՆԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին ձօնուած 24-րդ նարտի անհատական աւանդական մրցաշարքը եզրափակուեցաւ նախընթաց օրուան աւարտականով։ Մրցաշարքի առաջինը հանդիսացաւ Այգ Ճետէն, որուն յաջորդեցին Գալուստ Ասլանպաշ, Սեդրակ Էօզէր եւ Գարեգին Պարսամեան։
Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ժամանակ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Քարաքուշ։ Այս վերջինը շնորհաւորեց դափնեկիրներն ու բոլոր մասնակիցները։
Պարգեւաբաշխումէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլորը զիրար շնորհաւորեցին եւ ժամադրուեցան յաջորդ տարուան համար։ Ներկայ էր նաեւ հոգելոյս Թադէոս Կիւնթէրի հարազատներէն Արի Կիւնթէր։
Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018