ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական անուան տօնախմբութիւն։ Այս առթիւ մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ երդիքին տակ համախմբուած հաւատացեալները ապրեցան Կրկնազատկի հրճուանքը։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Մելինէ Թեմելճիի։

Օրուան քարոզին մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խօսեցաւ Ս. Յարութեան տօնին եւ Ս. Յարութեան խորհուրդին մասին՝ համապատասխան գաղափարներով։ Բաց աստի, ան շնորհաւորեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը, որ կը պահէ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցին ու մանաւանդ յարակից Էսաեան վարժարանը։ Նորին սրբազնութեան խօսքերով՝ շնորհակալ զգացումներով պէտք է մօտենալ մեր համայնքի ընդհանուր անձնակազմի բոլոր տարրերուն նկատմամբ։ Սա մեր ձեռքը գտնուող մարդուժն է։ Ան ընդգծեց, որ ներկայիս բոլորը իրարմէ կը գանգատին, բայց մետայլի միւս երեսակին այստեղ գտնուողները կը բաղկանան նոյնինքն մեր բոլորէն։ Եթէ մենք իրարմէ գանգատինք, փափաքինք իրարմէ հրաժարիլ, ապա ո՛վ պիտի գայ փոխարինելու։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խորհուրդ տուաւ առաջնորդուիլ այս սկզբունքներով, որպէսզի մեր հաստատութիւններու եւ ընդհանրապէս մեր համայնքի պատմական ընթացքը չխափանուի։ 

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատանապետ Վահրամ Վարդանեան եւ իր ընկերները։  

 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018