ՊԱՐԹԵՒԻ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲԸ

Մեր երաժշտասէր հասարակութիւնը երէկ երեկոյեան նշեց համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի երաժշտական գործունէութեան 40-ամեայ յոբելեանը։ Պարթեւի յոբելեանը վերածուեցաւ հայ երգի ու երաժշտութեան տօնակատարութեան մը։ Տասնամեակներէ ի վեր ան եղած է ջահակիրներէն մեր երաժշտութեան եւ երէկուան մեծարանքի փայլուն ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի մեր երաժշտասէրները որոտընդոստ ծափահարութիւններով հատուցեն Պարթեւի նկատմամբ երախտագիտութեան մեծ պարտքը։ Համակրելի մեներգիչը անմոռանալի համերգով մը հանդէս եկաւ իր 40-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական այս փուլին թրքահայ երաժշտասէրները զինքը այնպիսի ջերմ զգացումներով ողջունեցին, որ ձեռնարկը Պարթեւին տեսակէտէ վերածուեցաւ նոր սկիզբի մը ու մեր ընկերամշակութային կեանքէն ներս նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ անոր երաժշտական գործունէութիւնը։

Պարթեւ Կարեանի երաժշտական գործունէութեան 40-ամեակին ձօնուած երեկոյթը տեղի ունեցաւ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան յարակից Ֆուլիայի գեղար-ւեստի կեդրոնէն ներս։ Սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր։ Ձեռնարկի հովանաւորներն էին մեր ազգայիններէն Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ Էրօլ Սեհերեըլտըզը, որոնց կողմէ ներդրուած միջոցներու արժեւորման համար մեծ աշխատանք տարուած էր կարգադիր յանձնախումբին կողմէ։ Յանձնախումբի կազմին մէջ էին՝ Արսէն Գովան, Խաչիկ Սարըլը, Մարի Աքպաշ, Մարի Սեհերեըլտըզը, Սելին Թովմասեան, Քուտրէթ Սարա Տուրսուն, Սելին Ժամկոչեան եւ Մուրատ Շիրին։

Երեկոյթը պատուեցին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ մեր համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր եւ երաժշտասէրներ։ «Հայ երգով քառասուն տարի» խորագրեալ համերգին ժամանակ Պարթեւ բեմ առաւ «Առագաստ» նուագախումբին հետ։ Ձեռնարկի գեղարուեստական ղեկավարներն էին Ռոպէր Տողանայ եւ Արի Հերկել։

Արեւ Կարեանի հանդիսավարութեամբ գործադրուած յայտագրին տեւողութեան Պարթեւին յանձնուեցաւ նաեւ Երեւանէն ուղարկուած յուշանուէր մը։ Այսպէս, Պարթեւ պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետայլով։ Յոբելեար մեներգիչին մետայլը յանձնուեցաւ՝ ձեռամբ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեանի կողմէ, որ համերգին մասնակցեցաւ իր կողակցին՝ Մերի Աւագեանի հետ։

Երեկոյթի աւարտին Պարթեւ խոստացաւ, որ պիտի շարունակէ երգել հայերէն եւ հաւատարիմ պիտի մնայ հայկական երաժշտութեան ու երգերուն։ Երէկուան երկու արարներէ բաղկացեալ յայտագրին տեւողութեան ան մեկնաբանեց շուրջ քսան հայերէն երգեր, որոնք խոր ապրումներու առաջնորդեցին ունկնդիրները։ Պարթեւի առընթեր մեներգներով հանդէս եկան՝ Մարալ Աթաման, Թաթիանա Պոստան, Լիտա Քէօսէօղլու, Մարալ Չաղլըչուպուքճու, Լարա Նարին, Գարօլին Սարը։ Թէ՛ այս մենակատարները եւ թէ «Առագաստ» նուագախումբի անդամները 40-ամեակի համերգին առթիւ բաժնեցին Պարթեւին ուրախութիւնը եւ խանդավառութիւնը՝ որպէս անմիջական գործակից։

Հարկ է նշել, որ յոբելենական համերգին առթիւ հրատարակուեցաւ նաեւ գրքոյկ մը, որ կը բովանդակէր ողջոյնի խօսքեր։

(Ծ.Խ. Երէկուան համերգի սկիզբին եւս քանի մը ներկաներ շարունակեցին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէմ բողոքի բացագանչութիւններու զաւեշտը՝ հերթական անգամ չարաշահելով գեղարուեստական ձեռնարկի մթնոլորտը։ Փոխարէնը՝ ներկայ հանդիսատեսներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը որոտընդոստ ծափահարութիւններով հակազդեցին՝ վերահաստատելով երաժշտական երեկոյթի յարիր մթնոլորտը, նաեւ զօրակցութիւն յայտնելով ընդհանուր փոխանորդին։)

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018