«ԼՈՅՍ» ԵՐԿՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՆՇԵԼ ԻՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀՆԳԱՄԵԱԿԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին «Լոյս» երկ­շա­բա­թա­թեր­թը պի­տի նշէ իր հրա­տա­րա­կու­թեան հին­գե­րորդ տա­րին։ Հնգա­մեա­կին ըն­դա­ռաջ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու «Լոյս»ի սե­փա­կա­նա­տէր Ա­րամ Քու­րանն ու իր դուստ­րը՝ Մա­րալ Պե­լին­տա Քու­րա­նը, որ եւս պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ու­նի խմբագ­րա­կազ­մին մէջ։ Ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին հիւ­րե­րը ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին այս պար­բե­րա­կա­նի ան­ցած ճա­նա­պա­հին եւ նա­խան­շած նպա­տակ­նե­րուն շուրջ։ Թեր­թը, որ կը ջա­նայ ցո­լաց­նել մեր ըն­կե­րա­յին կեան­քէն ինչ-ինչ դրուագ­ներ, այս հինգ տա­րի­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան յա­ջո­ղած է անց­նիլ շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան քննու­թե­նէն։

Հայր ու դուստր Քու­րան­նե­րը փափ­կան­կա­տու­թիւ­նը ու­նե­ցած էին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­տու­նը փու­թա­լու՝ մե­զի հրա­ւի­րե­լու հա­մար «Լոյս»ի հնգա­մեա­կին առ­թիւ ամ­սա­վեր­ջին նա­խա­տե­սուած տօ­նախմ­բու­թեան։ Ա­նոնք կը պատ­րաս­տուին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէ լայն մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­րե­կոյթ մը ի­րա­կա­նաց­նել՝ լից­քա­ւո­րուե­լու հա­մար թեր­թի յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու ճա­նա­պար­հին։

Կը շնոր­հա­ւո­րենք «Լոյս»ի հնգա­մեա­կը եւ յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նար­կին հա­մար։

ՆԿԱՐ­ՉՈՒ­ԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ

Միւս կող­մէ, «Լոյս»ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ նկար­չու­թեան մրցոյթ մը՝ ա­ռա­ջի­նէն մին­չեւ չոր­րորդ դա­սա­րան­նե­րու մա­կար­դա­կով։ Դա­տա­կազ­մի ան­դամ­ներն էին՝ Ռէյ­հան Սա­րը­պայ, Սա­յաթ Ու­շաք­լը­կիլ եւ Է­րոլ Քիւրք­ճի­ւօղ­լու։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Շրրի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ծրագ­րի մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Դափ­նե­կիր­նե­րը ստա­ցան ի­րենց պար­գեւ­նե­րը՝ ար­ժա­նա­նա­լով բարձր գնա­հա­տան­քի։ Ա­րեւ Սե­թեան, Քազ­րա Շա­քէ Թոփ­լա­միղ­տիս եւ Սե­լին Եուրթ­կիւ­լիւ բաժ­նե­ցին ա­ռա­ջին ե­րեք շար­քե­րը։ Յա­տուկ մրցա­նակ տրուե­ցաւ Ա­րեւ Հե­մեն­կիւ­լին։ Ման­սիո­նի ար­ժա­նա­ցան՝ Ռո­նի Էօզ­մե­րի­նօղ­լու, Նո­րա Մի­թի­լեան, Տեն­չա­լի Էր­փը­նար, Թա­լիա Ին­կի­լի­զօղ­լու, Ա­ռէն Սար­րաֆ, Շանթ Գա­զան­ճը եւ Նաի­րա Մկրտի­չեա­ն։

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2017