ՊԱՐԹԵՒԻ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳԸ
Մեր երաժշտական աշխարհի սիրուած աստղերէն Պարթեւ երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ համերգով մը, որ արժանացաւ իր համակիրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ համերգը, որու հովանաւորն էր յայտնի համայնքային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Ատենապետ Պեռնար Սարըպայի կողմէ գլխաւորուած Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնն ալ աջակցած էր համերգին։
Ինչպէս միշտ, երէկուան երեկոյթին ընթացքին ալ Պարթեւ յաջողեցաւ ջերմ կապ կը հաստատել իր ունկնդիրներուն հետ եւ հերթական անգամ գրաւել անոնց սիրտը։
Պարթեւ իսկապէս ճոխ երգացանկ մը մատուցեց երեկոյթի մասնակիցներուն։ Թէ՛ ոճի եւ թէ սերունդի զանազանութիւնով հեղինակներու գործերով փունջ մը պատրաստած էր ան ունկնդիրներուն համար, որոնք ջերմ ծափերով ողջունեցին զինքը։ Պարթեւի հետ էին՝ մեներգչուհի Մարալ Չափան Աթաման, «Առագաստ» նուագախումգը, Ռոպէր Տողանայ, Արի Հերկել, ինչպէս նաեւ պատանիներէ բաղկացեալ երաժշտական խումբ մը։ Թամար Քեշիշեան Եաշկիւչլիւքալ եւ Էնտէր Ազըն յայտագրին մասնակցեցան իրենց պարերով։
Արեւ Կարեանի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ երեկոյթի ծրագիրը։ Ձեռնարկին ներկայ էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։