ԳԻՏԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աւանդական միջվարժարանային գիտական խրախճանքը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 15-րդ անգամ։ Համայնքային միջնակարգերու մեծամասնութիւնը մասնակցութիւն բերաւ այս խրախճանքին, որու ծիրէն ներս ներկայացուեցաւ 46 ծրագիր։ Գիտական խրախճանքի կազմակերպչական պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր Մայր վարժարանի ուսուցչական կազմէն Հիւսէյին Քարաքուշ։

Տնօրէնուհի Թալին Նայիր խրախճանքի առթիւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Աշակերտներու կողմէ ներկայացուած ծրագրերը արժեւորուեցան դատակազմին կողմէ։ Յայտագիրը աւարտին հասաւ մրցանակաբաշխութեամբ։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019