ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ԽՆԱՄԱՏԱՐ ՄԱՐՄՆԻ ՆՈՐ ԿԱԶՄԸ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի նոր կազմը արդէն ձեւաւորուած է։ Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջերս ատենապետի պաշտօնին կոչուած էր մեր համայնքի համակրելի դէմքերէն Արի Չոլաք, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը։ Արի Չոլաքի կողմէ գլխաւորուած նոր կազմին մէջ պիտի գտնուին Սիմոն Քումրալ, Բարսեղ Ճանճիկեան, Լենա Ենիեորկան, Անի Մալաթեալը, Սէրտար Չաքան, Նարօտ Շիմշէք, Նորա Քումրալ, Սեւան Չաքան, Սարօ Պենկլեան եւ Տենչա Չընար։

Միեւնոյն ժամանակ նոր տնօրէնուհի մըն ալ նշանակուած է Կազդուրման կայանի համար. յանձինն՝ Սիլվա Տաղճը-Տումանի։ Փոխ-տնօրէնուհիի պաշտօնն ալ յանձնուած է Նատին Քասըմօղլուին։

Հարկ է նշել, որ Կազդուրման կայանի ի նպաստ սիրոյ սեղանը այս տարի նախատեսուած է յուլիսի 7-ին։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019