Երեքշաբթի 18, Փետրուար 2025
ՃՀՓ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց ՃՀՓ-ի Շիշլիի շրջանի ներկայացուցիչները՝ կուսակցապետի օգնական Եունուս Էմրէն, Հիւսէյին Սարըն, Թարքան Էլլէրկեզէնը եւ Պիւլենտ Թալանայը, որոնց ընկերացաւ Յարութիւն Արիֆ Էրկիւնէշ։ Անոնք Պատրիարքարան այցելեցին՝ Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ ներկայացնելու իրենց յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ծրագիրներուն ու արդիւնաւէտ գործունէութեան կապակցութեամբ։
Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2023