ՊԷԶՃԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑ

Պէզճեան Մայր վարժարանը վերջերս մասնակցութիւն բերաւ մտային Բ. խաղերուն, որու արդիւնքով ունեցաւ գնահատելի յաջողութիւն։ Թուրքիոյ Մտախաղերու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքի հիւրընկալն էր «TED Atatürk» քոլէճը։

Պէզճեանցիները, որոնք 25 միջնակարգերու հետ մրցեցան, յաջողեցան առաջին հնգեակին մաս կազմել։ Դպրոցի աշակերտուհիներէն Մելանի Քուշն ալ հասած է աւարտական փուլի եւ 75 մրցակիցներու շարքին հանդիսացած է չորրորդ։

Պէզճեանի խումբին մաս կազմած են՝ Մելանի Քուշ, Լիմա Քարաքուշ, Քեթրին Տէյիրմենճի, ինչպէս նաեւ պահեստիներ՝ Մելքոն Տոլաշ, Թամար Աղազարեան եւ Էվին Էրթաշը։

Աշակերտները այս մրցաշարքին մասնակցեցան՝ ուսուցչուհի Նիրվա Տամլայի հսկողութեան ներքեւ։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2024