ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ԱՅՍ ԱՄԱՌ ԵՒՍ ՓԱԿ ԿԸ ՄՆԱՅ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս տարի եւս պիտի չկարողանայ իր դռները բանալ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով։ Խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք համայնքային մամուլին տեղեկացուց, որ անցեալ տարի ալ Կազդուրման կայանէն ներս մեր համայնքի մանուկները չէին հիւրընկալուած ստիպողութիւններու պատճառով եւ, դժբախտաբար, այս տարի եւս նոյնը պիտի շարունակուի, որովհետեւ այդ ստիպողութիւնները կը մնան առկայ։

Մինչ այդ, նոյն զեկոյցին մէջ տեղեկացուած է, որ Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմինը վերջերս համալրուած է կարգ մը երիտասարդ ուժերով։ Որքան որ ալ դասական իմաստով Կազդուրման կայանը այս տարի պիտի չբանայ իր դռները, խնամատար մարմինը կը ձգտի, որ անոր առաքելութիւնը հարիւր տոկոսով չընդհատուի եւ ամրան շրջանին մեր ժողովուրդին ուշադրութիւնը չթեքի անոր վրայէն։ Ուստի, Կազդուրման կայանի պարտէզին մէջ զանազան ծրագրեր կեանքի պիտի կոչուին կղզեբնակ փոքրիկներուն համար։ Բացօթեայ այս ձեռնարկները պիտի համապատասխանեն համաճարակի սահմանափակումներուն։ Խնամատար մարմինը շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս փուլին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021