ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ ԿՇԻՌՔԻ ՎՐԱՅ

Ֆէրիգիւղի «Ալաճաճեան» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան շարունակուեցաւ պոլսահայ կրթական համակարգի առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ քննարկումները։ Նիւթական անբաւարարութիւնները այնպիսի մակարդակի մը հասած են, որ պոլսահայ կրթական համակարգի գործունէութիւնը կաթուածահարման եզրին բերած են։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ հետզհետէ աւելի կը բարձրաձայնուի եւ հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն օրակարգի վրայ կը բերուի մեր կարգ մը վարժարաններու միացման ստիպողութիւնը։ Սա թէեւ գործնականին մէջ կարգ մը դպրոցներու փակում կը նշանակէ, սակայն, համակարգուած աշխատանքի մը շնորհիւ կարելի կրնայ ըլլալ հետեւանքները որոշ չափով մեղմացնել։

Քորոնաժահրի համաճարակի սահմանափակումներու մեղմացման զուգահեռ, վերջերս համայնքային վարիչները Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ ժողով մը գումարած էին՝ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ձեւաչափին մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին որոշուած էր աշխատանքային քննարկումներու շարք մը կազմակերպել՝ մեր դպրոցներու առկայ հարցերուն շուրջ վերջնական որոշումներ ընդունելու առաջադրութեամբ։ Երէկուան ժողովը այդ աշխատանքային քննարկումներու փուլի սկիզբը կը համարուէր։ Հիւրընկալ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր գլխաւորեց ժողովը։ Որպէս դիտորդ՝ մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ Գէորգ Ներկիզ։ Այս փուլին թրքահայ գրեթէ բոլոր վարժարաններու ներկայացուցիչները իրենց մօտեցումները կշիռքի վրայ դրին՝ փոխադարձ ըմբռնումի մը հասնելու, լուծման գործնական ենթագետին մը ապահովելու առաջադրութեամբ։ Համայնքային վարիչները ներկայ դժուարին փուլին կողմնակից են՝ վարժարաններու փակման կամ միացման հարցերու պարագային առաջնորդուիլ մասնագէտներու կարծիքով։ Երէկուան ժողովի ընթացքին արձանագրուած կարեւորագոյն հանգամանքներէն մին էր այս մէկը։

Խորհրդակցութեան մասնակցեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մանուկ Էօղէր եւ Նուրհան Փալաքօղլու, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Տավուլճեան եւ Պերճ Քէօսէօղլու, Ղալաթիոյ խնամակալութենէն Վարդան Սիմքէշեան, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու, Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը եւ անդամներէն Նուրհան Սուճուեան, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան, Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Նուրհան Ճէմճէմ, Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի տնօրէն Շահին Չընար եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։

Գալֆաեան Տան եւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի ներկայացուցիչները նախապէս տեղեակ պահելով բացակայեցան խորհրդակցութենէն։ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի եւ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները ընդհանրապէս չմասնակցեցան քննարկումներուն։

Մանուկ Էօղէրի ողջոյնի խօսքէն վերջ կազմուեցաւ աշխատանքային խումբի դիւան մը։ Նուրհան Փալաքօղլուին վստահուեցաւ համակարգողի պաշտօնը։ Իւրաքանչիւր վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետը պիտի համարուի կրթական հարցերու վերաբերեալ աշխատանքային խումբի անդամ։ Այդ աշխատանքային խումբը ERVAB-ի հովանոցին տակ պիտի գործէ եւ նոյն քարտուղարութենէն պիտի օգտուի։

Ժողովականներ քննարկումի ընթացքին թեր ու դէմ կարծիքներով հանդէս եկան մեր կրթական համակարգի վերաբերեալ հրատապ հարցերու շուրջ։ Այդ ամբողջին մէջ ընդգծուեցան կրթութեան որակի բարձրացման եւ մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնները։ Նուրհան Փալաքօղլու նշեց, որ կրթութեան մակարդակը բարձրացնելով կարելի է ապահովել, որ մեր համայնքի զաւակները ոչ-համայնքային դպրոցներ չյաճախեն։ Առկայ խնդիրները շատ բարդ են եւ լուծումը ժամանակի կը կարօտի։ Կան նաեւ տնտեսական հարցերը, համատեղ միջոցներ գոյացնելու խնդիրները, որոնք կրնան յաղթահարուիլ միայն զոհողութեան մօտեցումով։

Գէորգ Ներկիզ ընդգծեց, որ ոեւէ մէկը թէեւ դպրոց փակել չ՚ուզեր, սակայն խնդիրները պէտք է ձեռք առնուին ինքնաքննադատաբար։ Ան դիտել տուաւ, որ այսօր նոյնիսկ մեր վարժարաններու վարիչները իրենց զաւակները չեն ուղարկեր իրենց ղեկավարած դպրոցը։ «Թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս երեւոյթը բացատրել այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը բերեն մեր վարժարանները։ Այսօր ամէն ինչ նիւթականէ կախեալ դարձած է։ Նիւթապէս ինքնաբաւ եւ անբաւարար եղող դպրոցներու միջեւ տարբերութիւնները պէտք չէ շատ մեծ ըլլան։ Մի միայն ելմտական տուեալներու հիման վրայ չենք կրնար որոշել դպրոցներու միացման կամ փակման հարցերը», ըսաւ Գէորգ Ներկիզ։

Իր կարգին, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանն ալ նշեց, որ մեր համայնքը երբեք կեդրոնաձիգ մտայնութիւն չէ ունեցած եւ այս հարցին վրայ կու գայ աւելնալ գործադիր ընդհանրական վարչական դրութեան մը բացակայութեան երեւոյթը։ Կրթական հաստատութիւններու բեռը կը մնայ սահմանափակ մարդոց վրայ եւ դժբախտաբար համայնքի մեծամասնութեան կողմէ անտարբերութիւն կը ցուցաբերուի։

Ուրբաթ, Յուլիս 9, 2021