ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլու եւ կարգ մը անդամներ երէկ այցելութիւն մը տուին Պէշիկթաշի գաւառապետ Օղուզհան Պինկէօլին։ Թաղային խորհուրդի աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հրապարակած զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2024