Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐ ԱՅՑԵԼԵՑ

Պատրիարքական Աթոռի կարգադրութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելեց Տիարպաքըր։ Նորին Սրբազնութիւնը տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ընդարձակ համալիրէն ներս՝ յարակից Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի մատրան նորակերտ խորանի օծումը։ Այս մատուռը արդէն պաշտամունքի վերաբացուած էր իր իսկ ձեռամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը այժմ աղօթական մթնոլորտի մէջ զետեղեց խորանի Ս. Կոյս Աստուածամօր սրբանկարը, գագաթի խաչը եւ Ս. Հոգիի խորհրդանշան՝ միւռոնաթափ աղաւնին։ Ան Սրբալոյս միւռոնով օծեց նաեւ նորակերտ խորանի վէմքարը։ Այսպէսով, այս մատուռը ֆիզիքապէս վերակառուցուելէ ու վերաբացուելէ վերջ, նաեւ վերջնականօրէն պաշտամունքի պատրաստ վիճակ ստացաւ Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին ու վարդապետութեան համաձայն՝ ձեռամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։

Նորին Սրբազնութիւնը կեցութեան օրերուն Տիարպաքըրի գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն մըն ալ կատարեց՝ իր լուսահոգի քրոջ մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2023