ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը։ Իրեն կ՚ընկերանար մեր համայնքի համակրելի երիտասարդներէն, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Թուրքիոյ բաժանմունքի աշխատակից Արաս Աշըք։ Հրայր Ճէպէճեան օտար մը չէ մեր ընթերցողներուն համար, որովհետեւ իր աշխատակցութեամբ յաճախ տեղ կու տանք թերթիս սիւնակներուն մէջ։

Ան վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին կը գտնուէր Թուրքիոյ մէջ՝ մասնակցելու համար Սուրբ Գրոց ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը։ Իզմիրի մէջ կազմակերպուած այդ խորհրդաժողովին ժամանակ շուրջ երեք տասնեակ մասնակիցներ քննարկումներ ծաւալած են՝ արդի հասարակութենէն ներս Աստուածաշունչի դերակատարութեան կապակցութեամբ։ Ժողովականները առիթն ունեցած են նաեւ շրջելու Եգէականի շրջանի համաքրիստոնէական սրբավայրերը՝ գլխաւորութեամբ Եփեսոսի։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Հրայր Ճէպէճեան տեղեկացուց, որ նման հաւաքոյթներու հիւրընկալման առումով Թուրքիա հետզհետէ կեդրոնական դիրքի մը կը բարձրանայ։ Խորհրդաժողովի ընթացքին մասնակիցները առիթն ունեցած են նաեւ կլոր սեղանի մը շուրջ համախմբուելու Թուրքիոյ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս փուլին Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուցած է Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Հանդիպման ընթացքին Հրայր Ճէպէճեան մեզի յայտնեց, որ անմիջական հետաքրքրութեամբ կը հետեւի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հրատարակութիւններուն, որոնց շնորհիւ հնարաւորութիւն կ՚ունենայ անմիջական պատկերացում մը կազմելու թրքահայ կեանքին շուրջ։ Սփիւռքեան կեանքի վերաբերեալ խնդիրներու կապակցութեամբ կարծիքի փոխանակումներ ունենալէ վերջ, Հրայր Ճէպէճեան խմբագրատունէս հրաժեշտ առաւ յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթելով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գործունէութեան համար։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2019