ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԱՅՑԵՐ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նոր նախագահը՝ փրոֆ. Անթոնիօ Ֆէյժօ այս օրերուն կ՚այցելէ Իսթանպուլ, ուր երէկ թրքահայ համայնքի հիմնական կառոյցները այցելեց։ Այսպէս, Անթոնիօ Ֆէյժօ երէկ այցելութիւններ տուաւ Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Ֆէյժոն։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ զրուցելու ժամանակ Անթոնիօ Ֆէյժօ տեղեկացուց, որ համաեւրոպական մակարդակով կազմակերպուած հիմնարկներու համաժողովի մը մասնակցելու նպատակով կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ եւ առիթէն օգտուելով փափաքած էր այցելել Պատրիարքարան։ Ան ուրախութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան հետ ծանօթանալու հնարաւորութեան համար եւ անդրադարձաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի եւ Պատրիարքական Աթոռի միջեւ վաղուց ձեւաւորուած դրական յարաբերութիւններուն։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ողջունեց Ֆէյժոյի այցելութիւնը։ Ան յիշեցուց, որ իր երանաշնորհ նախորդներու գահակալութեան շրջանին «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը որոշ ներդրում մը կ՚ունենար թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Ուստի, ան մաղթեց, որ այդ նախընթացը շարունակուի։ Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Աթոնիօ Ֆէյժոյին յաջողութիւն մաղթեց նոր պաշտօնին գլուխը։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ ալ Անթոնիօ Ֆէյժօ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ ունեցաւ սիրալիր զրոյց մը։ Ներկայ էր նաեւ հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք։ Այս առթիւ Ֆէյժօ տեղեկութիւններ քաղեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բազմակողմանի առաքելութեան եւ ծաւալուն գործունէութեան շուրջ։ Հիւանդանոցի ընդարձակ համալիրէն ներս ան կատարեց շրջայց մը՝ մասնաւորապէս հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով թանգարանին նկատմամբ։

Անթոնիօ Ֆէյժօ ականատես եղաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բոլոր առումներով բարւոք այժմու վիճակին։

Հրաժեշտ առնելէ առաջ Անթոնիօ Ֆէյժօ յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ «Կիւլպէնկեան» գերդաստանի հոգելոյս անդամներու շիրմին, որ կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ մատրան հարեւանութեամբ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2022