ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ԸՆԴԱՌԱՋ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ օգնական երէց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Հոգեւոր հայրերուն եւ թաղականներուն հետ էր նաեւ մեր երախտաշատ բարերարուհիներէն Մոնիք Երկանեան, որ այս տարի կը գլխաւորէ Ֆէրիգիւղի տարեկան մատաղօրհնութեան կարգադիր յանձնախումբը։

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ մատաղօրհնութիւնը այս տարի նախատեսուած է 20 հոկտեմբերին։ Սիրոյ սեղանի ընդառաջ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները Պատրիարքարան այցելեցին, ըստ ընկալեալ սովորութեան եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին ընդհանուր վիճակին շուրջ։ Զրոյցի տեւողութեան մասնաւորապէս օրակարգի վրայ եկաւ դպրոցին կացութիւնը եւ նորին սրբազնութիւնը վերահասու դարձաւ նաեւ թաղային խորհուրդին կողմէ տարուած աշխատանքներու մանրամասնութիւններուն։ Թաղային խորհուրդն ու կարգադիր յանձնախումբը նաեւ պաշտօնապէս հրաւիրեցին նորին սրբազնութիւնը՝ նախագահելու կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։

Զրոյցի աւարտին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար։ Ան գնահատեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքի աշխատանքը եւ յղեց իր օրհնութիւնները, յաջողութեան մաղթանքը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2019