ԱՐՔՈՒՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐ ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ

«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ այս շաբաթավերջին հերթական անգամ վերյիշուեցան արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի բարեյիշատակ անդամները, որոնց համար հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ։ Ծանօթ է, որ Սկիւտարի գերեզմանատունէն ներս Պալեաններուն համար «Հայճար»ի ջանքերով Պալեաններու շիրիմը յուշարձանի մը վերածուած է եւ ըստ ձեւաւորուած նախընթացին՝ ամէն տարի հոկտեմբերի առաջին շաբաթավերջին անոնք կ՚ոգեկոչուին մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով։ Միեւնոյն ժամանակ, սա առիթ մը կը հանդիսանայ անոնց հսկայական վաստակը արծարծուած պահելու։

Շաբաթ օրուան հոգեհանգստեան կարգը կատարուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։ Ներկաներու շարքին էին «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Նազար Շիկահեր, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըք, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեան եւ իր գործակից ընկերները։ Պալեաններու շիրմին շուրջ համախմբուածներու շարքին էին նաեւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանէն սաներ։ 

Պալեաններու ոգեկոչումէն վերջ ներկաները «Հայճար»ի կողմէ հիւրասիրուեցան թէյասեղանով մը, որու ընթացքին ջերմ զրոյցի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023