ԲԱՐՁՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

2023-2024 շրջանի՝ պոլսահայ վարժարաններու համար նախատեսուած հանգանակութիւններուն առաջին փուլը ունեցաւ թէեւ զարմանալի, բայց անսպասելիօրէն դրական արդիւնք մը։ Այսպէս, Սամաթիոյ սիրող սեղանին երէկ հասոյթը ակնկալուածէն շատ աւելի բարձր մակարդակի հասաւ։ Նուիրատուութիւնները գրեթէ հաւասարակշռեցին Սահակեան-Նունեան վարժարանի տարեկան պիւտճէն։ Համայնքային շրջանակներէն ներս այս իրադարձութիւնը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց՝ մասնաւորապէս միւս վարժարաններու պիւտճէներու բացերուն ալ փակման առումով։

Սամաթիոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Առաւօտուն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ քարոզեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուած սիրոյ սեղանին ալ նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Սիրոյ սեղանի մասնակիցներու շարքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ յառաջատար դէմքեր։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սամաթիոյ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան։ Յուշանուէրներ յանձնուեցան կարգադիր յանձնախումբի համաատենապետներուն՝ Եսայի Տեմիրին եւ Խաչիկ Քեչիեոլուին։ Հանդիսավարն էր Խաչիկ Սարըլը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հաւաքոյթի ընթացքին նշեց, որ մեր վարժարաններու ապագային մասին հաւանական տնօրինութիւններ ընելու ժամանակ պէտք է յենուիլ երկու հիմնական հանգամանքի վրայ։ Այսպէս, առաջինը՝ մեր համայնքը պէտք է յստակօրէն գիտնայ, թէ ի՞նչ է իր հաւաքական հարստութեան մակարդակը կամ քանակը. սա նախապայման մըն է մեր վարժարաններու ապագան պատկերացնելու համար։ Երկրորդ՝ դպրոցներու վերաբերեալ հաւանական բոլոր տնօրինութիւնները պէտք է մասնագէտներու մտահորիզոնին համաձայն ըլլայ։ «Մեր վարժարանները այնպիսի տեղեր չեն, ուր ամէն մարդ կրնայ իր ձեռքը դպցնել», նշեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ աւելցուց, որ անոնց ճակատագիրը հաւաքական կամքով պիտի յստականայ։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց Թրքահայ վաքըֆներու միութեան շրջանակներէն ներս ձեւաւորուած նոր աշխատանքները եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ բարձրաձայնուած մտահոգութիւնները։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023