ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՊԱՀԱՅԻ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Պահայի համայնքի վարչութեան ընդհանուր քարտուղար Շեմսետտին Էօզթիւրքը, որուն կ՚ընկերանային վարչութեան արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Միւֆիտ Աքսոյ եւ Պահայի միջազգային յանձնախումբի ներկայացուցիչ տքթ. Նիմա Մասրուրի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Հանդիպման ընթացքին Պահայի համայնքի վարիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեանց մասին, որոնք հիմնաւորուած են մարդկութեան օգտակար ըլլալու սկզբունքին վրայ։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը ծանօթացուց թրքահայ համայնքային կեանքը՝ կրօնական, կրթական, բարեսիրական եւ մշակութային հաստաութիւններով ու կազմակերպութիւններով։

Աւարտին հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան ընդունելութեան համար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2023