ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբի դպրապետ Արման Սրկ. Մարաշլեան։

Թաղային խորհուրդի անդամները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին՝ իրենց միամեայ պաշտօնավարութեան, նաեւ 2024 թուականի յունուարի 7-ին նախատեսուած Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան աւանդական համերգին մասին։

 Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց թաղային խորհուրդի աշխատանքները, նաեւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ապագայ գործունէութեանց մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2023