ՊԷԶՃԵԱՆՑԻ ՍԱՆԵՐԸ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՄԸ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը վեր­ջերս փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րե­ցին «Մար­մա­րա» կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած սքրապ­լի մրցա­շար­քին շրջագ­ծով։ Մայր վար­ժա­րա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ Ար­սէն Քա­պէ, Սե­սիլ­տա Քա­րա­փեք­մէզ, Նա­տին Մազ­ման­լըօղ­լու, Գա­րուն Արս­լան եւ Ռի­նա Աք­պաշ։ Ա­շա­կեր­տա­կան այս խում­բը վե­րահս­կած էին դպրո­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մէն Սօ­նա Ար­թան եւ Գա­րին Աթ­թա­րօղ­լու։

Քսան վար­ժա­րան­ներ մաս­նակ­ցե­ցան այս մրցա­շար­քին, ո­րու ար­դիւն­քին պէզ­ճեան­ցի­նե­րը ա­պա­հո­վե­ցին ե­րեք ա­ռաջ­նու­թիւն եւ մէկ երկ­րորդ աս­տի­ճան։ Ան­հա­տա­կան դա­սա­ւո­րում­նե­րու մէջ ալ պէզ­ճեան­ցի­նե­րը ու­նե­ցան փայ­լուն ար­դիւնք­ներ։ Մրցա­շար­քի դափ­նե­կիր­նե­րու շար­քին ա­նոնք գրա­ւե­ցին ու­շադ­րու­թիւն եւ բարձր գնա­հա­տուե­ցան բո­լո­րին կող­մէ։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2016