ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ ԱՌԱՆՁՆԱՑԱՒ՝ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՌ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Երէկ, համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ համախմբուած էին՝ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Ընդհանուր առմամբ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ դժուարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, երէկուան համախմբումը զօրակցութեան եւ լաւատեսութեան ողջունելի միջավայրի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Արդարեւ, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած դպրոցի տարեկան պիւտճէի բացին կարեւոր տոկոսը հանգանակուեցաւ, միեւնոյն ժամանակ, մեր համայնքի երէց սերունդի անդամուհիներէն Մարի Փափազեանի կալուածներու նուիրատուութիւնը բոլորին կողմէ բուռն ծափահարութեան եւ գնահատանքի արժանացաւ։

Երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Աշխարհիկ հանդիսութեան ալ նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ հոգեւոր հայրեր։ Ներկաներու շարքին էին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, յայտնի բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, համայնքային վարիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Թոփգաբուի ընտանիքը զօրաշարժի մը տրամադրութեամբ պատրաստուած էր այս տարուան սիրոյ սեղանին։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ տղաքը արժանացան ծափահարութիւններու։

Յայտագրի տեւողութեան առանձին բաժին մը վերապահուած էր բարերարուհի Մարի Փափազեանին, որ իր հինգ կալուածները նուիրաբերած է մեր համայնքի այն վարժարաններուն, որոնք նիւթական անբաւարարութենէ կը տառապին։ Այսպէս, Մարի Փափազեան կալուածներ կտակած է Կեդրոնական վարժարանին, Պէզճեան Մայր վարժարանին, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին եւ Գալֆաեան տան։ Բոլոր հանդիսատեսները իր ոգին ու ազնիւ վերաբերմունքը բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուցին։ Մինչ Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Պատարագի ընթացքին Մարի Փափազեանը պարգեւատրեց Պատրիարքական Աթոռի շքանշանով, սիրոյ սեղանի ընթացքին ալ տուեալ վարժարաններու մատակարար մարմիններուն անունով շնորհակալութեան յուշանուէր մը յանձնուեցաւ իրեն։

Այս բոլորէն վերջ, սիրոյ սեղանի արդիւնքն ալ գոհացուցիչ էր՝ մանաւանդ, այս եղանակին արձանագրուած ձախողումներէն վերջ։ Արդարեւ, Թոփգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը յայտարարած էր, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան պիւտճէն 18 միլիոն թրքական լիրայի բաց մը ունէր։ Սիրոյ սեղանի արդիւնքին գոյացաւ այդ գումարին արդէն 14 միլիոն լիրան, ինչ որ այժմու իրականութեան տեսակէտէ բաւական գոհացուցիչ գումար մը կը համարուի եւ կ՚երաշխաւորէ, որպէսզի Թոփգաբուի թաղային խորհուրդը յաւելեալ ճիգերով կարենայ այս տարի եւս ապահովել դպրոցի գործունէութեան յարատեւութիւնը։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով եւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։

*

Ծ. Խ.- Երէկուան սիրոյ սեղանի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ ուշագրաւ այլ իրադարձութիւն մը, որ կը վերաբերի համայնքի ներկայ պահու հրատապ օրակարգի խնդիրներէն մէկուն։ Այսպէս, ոսկերիչ ու գործարար Նորայր Իշլէրի կողակիցը բացագանչութիւններով հանդէս եկաւ, բարձրաձայն հակազդեցութիւն արտայայտեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ու պնդեց, որ իրենք համայնքէն ներս խտրականութեան կ՚ենթարկուին՝ քանի Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ սարքուած սիրոյ սեղանին Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փաստաբանը շուրջ 45 վայրկեան խօսած էր իրենց հասցէին։

Առաջին հերթին պէտք է արձանագրել, որ հաւաքական միջավայրի պատշաճութիւններուն յարիր երեւոյթ մը չէր այս մէկը։ Յամենայնդէպս, սա համայնքին տեսակէտէ այժմ նուրբ խնդիր մըն է եւ, ըստ երեւոյթին, այս բարդ հարցին կապակցութեամբ հանրային կարծիքը իրազեկելու գործին առումով պէտք է աւելի ուշադրութիւն ցուցաբերել։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2024