ՇԱՀԵԿԱՆ ՈՒՂԵԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը վեր­ջերս լոյս ըն­ծա­յեց հե­տաքրք­րա­կան յու­շագ­րու­թիւն մը։ Աշ­խար­հահռ­չակ ռուս գրող Վա­սի­լի Կրոս­մա­նի դէ­պի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան լոյ­սին տակ հե­ղի­նա­կած ու­ղեգ­րու­թեան թարգ­մա­նու­թիւնն է այս մէ­կը։ «Ու­ղե­ւո­րու­թիւն՝ քա­րե­րու եր­կիր» խո­րագ­րեալ այս գիր­քը ու­նի շատ հե­տաքրք­րա­կան ե­րե­սակ­ներ՝ կեան­քի, սո­վե­տա­կան մար­դուն, ռու­սա­կան, հայ­կա­կան ու հրէա­կան ինք­նու­թիւն­նե­րուն, ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան եւ հա­կա­սե­մա­կա­նու­թեան, սթա­լի­նիզ­մի նման նիւ­թե­րու շուրջ։ Հե­ղի­նա­կը ա­մուր ու խոր­քա­յին ձե­ւով անդ­րա­դար­ձած է վե­րո­յի­շեալ նիւ­թե­րու վե­րա­բե­րեալ վէ­ճե­րուն եւ այդ հա­րուստ նա­խա­նիւ­թը մշա­կած՝ վար­պե­տու­թեամբ, յու­զու­մով ու տեղ-տեղ ալ՝ զուարթ ձե­ւով։ Վա­սի­լի Կրոս­ման այս գոր­ծը գրի ա­ռած է՝ ա­ռա­ջին ան­գամ Կով­կաս այ­ցե­լե­լով, սա­կայն ար­դիւն­քը ա­ռա­ւել չա­փով գե­րա­զան­ցած է աշ­խար­հագ­րու­թեան մը պա­րա­գա­յին բե­րուած վկա­յու­թիւ­նով։

1905 թուա­կա­նին Ուք­րայ­նոյ Պեր­տի­չեւ քա­ղա­քին մէջ ծնած Վա­սի­լի Կրոս­ման որ­դին էր հրեայ ըն­տա­նի­քի մը։ 1964-ին մա­հա­ցած էր Մոս­կուա­յի մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2018