ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻ ԳԼՈՒԽ

Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան գոր­ծա­դիր մար­մի­նը՝ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը այ­սօ­րուն դրու­թեամբ կը սկսի աշ­խա­տիլ նոր կազ­մով մը։ Դար­ձեալ այ­սօ­րուան դրու­թեամբ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը կը գլխա­ւո­րէ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին վար­չա­պետ Տիգ­րան Սարգ­սեան։ Ծա­նօթ է, որ այս վեր­ջի­նը Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պանն էր վեր­ջին շրջա­նին եւ այդ պաշ­տօ­նը թո­ղուց՝ այս նոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ստանձ­նե­լու հա­մար։ Հարկ է նշել, որ Տիգ­րան Սարգ­սեան Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի պաշ­տօ­նին հա­մար հաս­տա­տուած է Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան բարձ­րա­գոյն տնտե­սա­կան խոր­հուր­դին կող­մէ, ո­րուն մաս կը կազ­մեն Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը։ Տիգ­րան Սարգ­սեան չորս տա­րուան ժամ­կէ­տով պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ այդ պաշ­տօ­նը։

Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան բարձ­րա­գոյն խոր­հուր­դին ո­րո­շու­մով՝ միու­թեան ան­դամ իւ­րա­քան­չիւր պե­տու­թիւն յի­շեալ յանձ­նա­ժո­ղո­վի կազ­մէն ներս ե­րեք ան­դա­մի փո­խա­րէն ներ­կա­յա­ցուած պի­տի ըլ­լայ եր­կու­քով։ Այ­սինքն, այս գոր­ծա­դիր մարմ­նի՝ յանձ­նա­ժո­ղո­վի կազ­մը այ­սօ­րուան դրու­թեամբ կը բաղ­կա­նայ տասն հո­գիէ։ Բա­ցի Տիգ­րան Սարգ­սեա­նէ, այս յանձ­նա­ժո­ղո­վի կազ­մին մէջ նոր դէմք մըն է նաեւ Վե­րո­նի­քա Նի­քի­շի­նա, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Ռու­սաս­տա­նը ու կը զբա­ղի ա­ռեւ­տու­րի հար­ցե­րով՝ փո­խա­րի­նե­լով Անտ­րէյ Սլեփ­նիո­վը։ Յանձ­նա­ժո­ղո­վէն ներս ստեղ­ծուած է նաեւ նոր պաշ­տօն մը՝ ներ­քին շու­կա­նե­րու, նո­րա­րա­րու­թեան, տե­ղե­կա­տուա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով նա­խա­րա­րի մը տե­ղը։ Այս պաշ­տօնն ալ կը զբա­ղեց­նէ Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կա­րի­նէ Մի­նա­սեան։  

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016