ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ
Հռոմի մէջ իր աւարտին հասաւ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ միջեկեղեցական երկխօսութեան միջազգային աստուածաբանական միացեալ յանձնաժողովին նստաշրջանը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, իր տեսակին մէջ 14-րդ այս ժողովին մասնակցած էր նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը։
Ըստ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներուն, Հռոմի նիստերուն ընթացքին քննարկուեցան Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի պատմական զարգացման, ծիսական-աստուածաբանական եւ եկեղեցաբանական արտայայտումներուն վերաբերեալ հարցեր։ Երկխօսութեան համար նախատեսուած «Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը եւ եկեղեցին» նիւթին վերաբերեալ իրենց աստուածաբանական զեկոյցները ներկայացնելէ վերջ, եզրափակիչ փուլին միացեալ աստուածաբանական յանձնախումբի անդամները քննարկեցին նաեւ յառաջիկայ հանդիպման մանրամասնութիւնները։
Ըստ ընկալեալ հերթագայութեան, յանձնախումբի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ բարձր հիւրընկալութեամբ եւ օրհնութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Ժողովները նախատեսուած են 29 Յունուար-5 Փետրուար 2018 թուականին։ Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին երկու եկեղեցական ընտանիքներէ ներս ապաշխարութեան, ձեռնադրութեան եւ հիւանդաց օծման սրբազան խորհուրդներուն շուրջ ձեւաւորուած ընկալումները եւ ծիսա-աստուածաբանական առանձնայատկութիւնները։