ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի մէջ յառաջիկայ 2 Մարտին տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւն։ Այս կարեւոր փուլին ընդառաջ, խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեան կ՚ունենայ բազմակողմանի հանդիպումներ ու կը ջանայ այսպէսով զգալ հասարակութեան բազկերակը։

Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն ունեցաւ ծաւալուն շփումներ։ Այսպէս, ան այցելեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա, Երեւանի Պետական համալսարան, ինչպէս նաեւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը։ Ի լրումն այս բոլորին, Արմէն Սարգսեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի հետ։

Հասարակութեան զանազան խաւերուն հետ ունեցած շփումներուն առընթեր, Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն հանդէս կու գայ նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներէն։ Այսպէս, նախընթաց օր ան «Շանթ» հեռուստակայանին վրայ ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ յայտնի քաղաքական մեկնաբան Արամ Աբրահամեանին։

Ըստ Երեւանէ հասած լուրերուն, ՀՀԿ-ի կողմէ թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեան կը նախատեսէ այս օրերուն դարձեալ տեսակցիլ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ՝ վերջնական եզրակացութեան մը յանգելու համար իր թեկնածութեան պարագային շուրջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2018